image
Հրատապ լուրեր:

Հայկ Մարութեանը այցելած է օփերայի մօտ բողոքի ցոյցի ժամանակ վնասուածք ստացած կնոջ

Հայկ Մարութեանը այցելած է օփերայի մօտ բողոքի ցոյցի ժամանակ վնասուածք ստացած կնոջ

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը  14 մարտի ուշ երեկոյեան տիկնոջ՝ Իւա Մարութեանի հետ եւ Բժշկական համալսարանի ղեկավար Արմէն Մուրատեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Առաջին համալսարանական թարմանատան մէջ բուժում ստացող Սվեթլանա Յարութիւնեանին։  Ան գօտկատեղի շրջանին վնասուածք ստացած է Օփերայի յարակից տարածքին մօտ նախօրէին տեղի ունեցած քաշքշուկի ժամանակ: Այս մասին «Ֆէսյպուք»ի իր էջին գրառում կատարած է Երեւանի քաղաքապետի մամուլի քարտուղար Յակոբ Կարապետեանը:

Քաղաքապետը հետաքրքրուած է անոր ինքնազգացողութեամբ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է։ Արմէն Մուրատեանի առաջարկով Սվեթլանա Յարութիւնեանը կրնայ աշխատանքի անցնիլ Համալսարանական թարմանատան մէջ: