10 Մարտին Էջմիածնի Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ, Սուրբ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար:
Նոյն օրը հոգեհանգստեան արարողութիւններ պիտի կատարուին նաեւ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ: