image

Այսօր Վազգէն Սարգսեան Սպարապետի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 60 տարեկան

Այսօր Վազգէն Սարգսեան Սպարապետի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 60  տարեկան

5 Մարտը պետական, քաղաքական, ռազմական գործիչ, նախկին վարչապետ, պաշտպանութեան առաջին նախարար, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրն է: Ան կը դառնար 60 տարեկան։ 

Արցախեան ազատամարտը էականօրէն պայմանաւորեց Վազգէն Սարգսեանի ճակատագիրը։ Շարժման առաջին իսկ օրերէն ան ազատամարտիկներու շարքերուն մէջ էր` իբրեւ արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին կազմակերպիչներէն մէկը։

1990-91 թուականներուն Վազգէն Սարգսեանը իր հրամանատարութեան ներքոյ միաւորած է երկրապահ կամաւորական ջոկատները, եղած է ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ։

Վ.Սարգսեանը մեծ ջանքեր ներդրած է հայրենի հողն ու սահմանները թշնամիի ոտնձգութիւններէն զերծ պահելու եւ յաղթանակ ձեռք բերելու գործին մէջ։ 1991-ին նշանակուելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար` ան մեծ աւանդ ունեցած է Հայաստանի պետական շինարարութեան, ազգային բանակի ստեղծման գործին մէջ:

Ան հիմնադրած է «Երկրապահ» կամաւորականներու միութիւնը՝ ընտրուելով ԵԿՄ նախագահ։ Արժանացած է Արցախի հերոսի կոչման եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանի։ 1999-ի դեկտեմբերին յետմահու արժանացած է Հայաստանի «Ազգային հերոսի» կոչման եւ «Հայրենիք» շքանշանի։

Անոր քաղաքական գործունէութիւնը սկսած է 1999-էն՝ որպէս «Հանրապետական» կուսակցութեան առաջնորդ, ապա «Միասնութիւն» դաշինքի համանախագահ։ 1999-ի յունիսին դարձած է Հայաստանի վարչապետ եւ քանի մը ամիս անց՝ 27 հոկտեմբերին, զոհուած է Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով։

ՀՀ վարչապետի որոշմամբ՝  ՀՀ ազգային հերոս, Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի  ծննդեան 60-ամեակը նշելու համար յոբելեանական յանձնաժողով ստեղծուած է, որ կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը:

Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակը հանդիսաւորութեամբ նշելու նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացուած է մօտ 13 միլիոն դրամ: