image

Թեհրանի մէջ կայացած է ՀՀ Վարչապետի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը

Թեհրանի մէջ կայացած է ՀՀ Վարչապետի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը

Թեհրանի «Սաատապատ» պալատին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցով Իրան ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Ըստ «Արմէնբրես»-ի՝ «Սաատապատ» պալատին մէջ, ՀՀ վարչապետը դիմաւորած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին:

Նշենք, որ այցին ծիրէն ներս՝ նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ԻԻՀ հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնէիի հետ: Թեհրանի մէջ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ, որմէ ետք՝ երկու երկիրներու առաջնորդները՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար հանդէս պիտի գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Ի պատիւ ՀՀ վարչապետի՝ Իրանի նախագահի անունով պիտի տրուի պաշտօնական ճաշ: Այնուհետեւ, կառավարութեան ղեկավարը հանդիպում պիտի ունենայ ԻԻՀ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ: Փետրուար 27-ի երեկոյեան, վարչապետը պիտի այցելէ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոն եւ պիտի հանդիպի Թեհրանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Փետրուար 28-ին, ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը պիտի մեկնի Սպահան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ նահանգապետի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: