image
Հրատապ լուրեր:

7 օր առաջնագիծին. Ատրպէյճանը աւելի քան 2000 կրակոց արձակած է Արցախի ուղղութեամբ

7 օր առաջնագիծին. Ատրպէյճանը աւելի քան 2000 կրակոց արձակած է Արցախի ուղղութեամբ

Փետրուարի 3-էն 9-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 300 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: