image
Հրատապ լուրեր:

Ձերբակալուած է 4 անձ, կատարուած է 15-է աւելի խուզարկութիւններ, յայտնաբերուած է զէնքեր․ ՔԿ

Ձերբակալուած է 4 անձ, կատարուած է 15-է աւելի խուզարկութիւններ, յայտնաբերուած է զէնքեր․ ՔԿ

ՀՀ քննչական կոմիտէի ԵՔՔՎ Էրեբունի եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս զէնքի գործադրմամբ խուլիկանութիւն կատարելու եւ ուրիշի կեանքին դիտաւորութեամբ ծանր մարմնական վնասուածք պատճառելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջանակներէն ներս ձերբակալուած է 4 անձ:

Յիշեցնենք, որ 21 յունուար 2019-ին տարբեր մարմնական վնասուածքներով հիւանդանոց տեղափոխուած էին Երեւան քաղաքի 1985 եւ 1977 թուականին ծնած բնակիչներ:

Նախապատրաստուող նիւթերու ընթացքին տեղեկութիւններ ստացուած էին, որ 20 յունուարի 2019-ին՝ ժամը 23-ի սահմաններուն, խումբ մը անյայտ անձինք, Երեւան քաղաքի Խաղաղ Տոնի փողոցին մէջ գործող պիլիարտի ակումբին մէջ կոպիտ կերպով խախտած են հասարակական կարգը, բացայայտ անարգալից վերաբերմունք դրսեւորած հասարակութեան նկատմամբ, որ զուգորդուած էր Երեւան քաղաքի 1985 եւ 1977 թուականին ծնած բնակիչներու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով, ակումբի գոյքը վնասելով եւ որպես զէնք հանդիսացող սուր կտրող-ծակող գործիք, ատրճանակ գործադրելով:

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի ԵՔՔՎ Էրեբունի եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնին մէջ 21 յունուարի 2019-ին յարուցուած էր քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 112-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով եւ 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով:

Կազմուած է քննչական խումբ, մշակուած է քննչական ծրագիր: Քննչական կոմիտէի եւ Ոստիկանութեան ծառայողներու հետ համատեղ իրականացուած անհետաձգելի քննչական, հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած են դէպքի շարք մը հանգամանքները, շարժառիթը, տուեալներ ձեռք բերուած է Խաղաղ Տոնի փողոցոին մէջ գործող պիլիարտ ակումբին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մասնակից անձանց շրջանակի վերաբերեալ:

Նախաքննական մարմինը տուեալներ ստացած է, որ Խաղաղ Տոնի փողոցին մէջ գործող պիլիարտ ակումբին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մասնակիցները «հաշիւ պահանջելու» եւ վրէժխնդիր ըլլալու նպատակով պարզաբանումներ կատարելու համար պայմանաւորուած են հանդիպիլ 8 փետրուար 2019-ին:

Յետագայ հնարաւոր ծանր եւ առանձնապէս ծանր հանցագործութիւները կանխելու համար որոշուած է վնասազերծել կողմերը եւ բերման ենթարկել:

Երէկ երեկոյեան՝ զէնքի գործադրմամբ խուլիկանութիւն կատարելու եւ ուրիշի կեանքին դիտաւորութեամբ ծանր մարմնական վնասուածք պատճառելու կասկածանքով բերման ենթարկուած են 8 անձ, որոնցմէ 4-ը ձերբակալուած է:

Ձերբակալվածներէն երկուքը եղբայրներ են:
 

Անոնցմէ մէկուն պատկանող «Թոյոթա Քեմրի» մակնիշի մեքենայի խուզարկութեամբ, յայտնաբերուած է «ԱԿՄ տեսակի 7,62 մմ տրամաչափի ինքնաձիգ` լիցքաւորուած 27 փամփուշտներով, ՊՄ տեսակի ատրճանակ` լիցքաւորուած 8 փամփուշտներով, ՊՄ տեսակի ատրճանակէն կրակ արձակելու համար նախատեսուած` գործարանային տուփով 9 մմ տրամաչափի 18 փամփուշտներ, 5,45 մմ տրամաչափի ինքնաձիգի 1 փամփուշտ, կաթոցիչի մէջ լեցուած դեղնականաչաւուն զանգուած:

Ձերբակալուածներու Ա.Գ.-ի անձնական խուզարկութեամբ` վերարկուի գրպանէն յայտնաբերուած է 9 մմ տրամաչափի կրակուած 2 պարկուճ, 2 կաթոցիչ` մուգ շագանակագոյն հեղուկով։

Քրէական գործի շրջանակներէն ներս կատարուած են 15-էն աւել խուզարկութիւններ:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

 Յիշեցնենք, որ 8 փետրուարին Երեւանի մէջ կանխուած է զինուած բախում։