image

ԼՂՀ նախագահը այցելած է մարտական դիրքեր

ԼՂՀ նախագահը այցելած է մարտական դիրքեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 5 փետրուարին, պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ այլ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ, այցելած է հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծի տարբեր հատուածներ, ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը՝ նախագահը այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ եւ հրաւիրած աշխատանքային խորհրդակցութիւն` բնակավայրի վերականգնման առնչուող խնդիրներուն շուրջ:

Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է  շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ՝ նշելով Թալիշի վերականգնման ծրագիրի կարեւորութիւնը Արցախի համար:

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: