image

7 օր առաջնագիծին. Ատրպէյճանը աւելի քան 1300 կրակոց արձակած է Արցախի ուղղութեամբ

7 օր առաջնագիծին. Ատրպէյճանը աւելի քան 1300 կրակոց արձակած է Արցախի ուղղութեամբ

Յունուարի 27-էն փետրուարի 2-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1300 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: