image

Ապու Տապիի թագաժառանգը ընդունեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Ապու Տապիի թագաժառանգը ընդունեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երկուշաբթի, Յունուար 14-ին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ):

Նոյն օրը, նախագահը ընդունուեցաւ Ապու Տապիի թագաժառանգ, ԱՄԷ-ի Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեանի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ նախագահ Սարգսեան թագաժառանգին յայտնեց, “Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւնները սկիզբ առած են ձեր հօր, ԱՄԷ-ի լուսահոգի նախագահ Շէյխ Զայետ պին Սուլթան ալ Նահեանի օրօք: Մեզի համար շատ թանկ են մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւնները, եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք առաւելագոյնս զարգացնելու ու ընդլայնելու»:

Ջերմ ու անմիջական հանդիպման ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ թագաժառանգ շէյխը քննարկեցին հայ-էմիրաթական յարաբերութիւնները եւ առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան ներկայ ընթացքը:

Ընդգծելով առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ ներուժը՝ նախագահ Սարգսեան հեռանկարային համարեց համագործակցութեան հնարաւորութիւնները յատկապէս գիւղատնտեսութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, քիմիական արդիւնաբերութեան, տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց ոլորտներուն մէջ:

Նշելով, որ Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը նկատէ կարեւոր հանգոյց դէպի Ծոցի տարածաշրջան եւ այլ երկիրներ՝ նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան իր հերթին Միացեալ Էմիրութիւններու համար կամուրջ կրնայ դառնալ դէպի ԱՊՀ եւ ԵԱՏՄ երկիրներ ու շուկաներ:

Նախագահ Սարգսեան եւ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ ալ Նահեան խօսեցան նաեւ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ու զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մեծ ներուժին մասին: