image

Սիսիանի մէջ ձիւնի տակ մնացած զինուորներէն մին չէ գտնուած

Սիսիանի մէջ ձիւնի տակ մնացած զինուորներէն մին չէ գտնուած

Երէկ Սիսիանի մէջ  խումբ մը պայմանագրային զինծառայողներ ձնահիւսի տակ մնացած են: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: 

Ան տեղեկացուցած է, որ անոնցմէ միայն մէկը դեռ չեն կրցած գտնել: 

«Զիծառայողները մնացել են ձնահիւսի տակ, նրանց բոլորին գտել ենք, բացի մէկից: Ներկայումս տարուում են որոնողական աշխատանքներ»,-ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Ան նշած է, որ գտնուած զինծառայողներու առողջական վիճակը կը գնահատուի նորմալ: