image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպանը իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնեց Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալին

Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպանը իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնեց Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալին

5 Դեկտեմբերին ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը ընդունած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պահա Ալ-Տեսուքիին՝ հաւատարմագրերու պատճէնի յանձնման կապակցութեամբ:

Շնորհաւորելով դեսպանը Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկի կապակցությեամբ՝ փոխնախարարը յոյս յայտնած է, որ եգիպտացի դիւանագէտը կը յաջողուի ծաւալել բեղմնաւոր գործունէութիւն՝ խորացնելու ու բազմազանեցնելու երկկողմ օրակարգն ու կապերը, որոնք խարսխուած են հնագոյն ժամանակներէն սկիզբ առած պատմամշակութային առնչութիւններու վրայ:

Հանդիպման ժամանակ զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, այդ շարքին՝ քաղաքական երկխօսութեան աշխոյժացման, կառավարութիւններու միջեւ համագործակցութեան խորացման, միջազգային կառոյցներու մէջ փոխգործակցութիւնն ընդլայնելու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները առաւել զարգացնելու անհրաժեշտութեան:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հիմնահարցերու վերաբերեալ՝ կարեւորելով հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցի վերաբերեալ հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Եգիպտոսի նորանշանակ դեսպանը հաւաստիացուցած է, որ ջանքեր պիտի գործադրէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով խորացնելու եւ ընդլայնելու համար: