image

Երեւանի կենդանաբանական այգիի աշխատակիցները բողոքի հաւաք կը կատարեն

Երեւանի կենդանաբանական այգիի աշխատակիցները բողոքի հաւաք կը կատարեն

Երեւանի կենդանաբանական այգիին դիմաց բողոքի ցոյց կ'իրականացուի ընդդէմ այգիի տնօրէն Ռուբէն Խաչատրեանի: Ցոյցի մասնակիցները կը պահանջեն անոր հրաժարականը:

Ըստ աշխատակիցներուն՝ տնօրէնը, ոլորտի մասնագէտ չըլլալով, բազում սխալներ թոյլ տուած է:

Անոնք կը դժգոհին տնօրէնի գործելաոճէն: Ըստ անոնց՝ Ռուբէն Խաչատրեանը կենդանասէր չէ եւ ոլորտին չի տիրապետեր:

«Այգին կը դիտարկէ զուտ որպէս պիզնեսի աղբիւր: Անոր համար կարեւոր է ոչ թէ կենդանիներու առողջութիւնը, կարեւոր է, թէ այգիին որքան գումար կը տրուի: Օրինակ՝ արջերը, որոնք կը փրկուին եւ կը բերուին կացարան, զուտ գումարի համար է»,- ըսած է այգիի Կենդանիներու բաժնի խնամքի համակարգող Մանուկ Մանուկեանը, որուն ազատած են աշխատանքէն: 

Անդրադառնալով քնացուած 3 առիւծներուն, որուն մասին յայտարարած էր Ռուբէն Խաչատրեանը, նախկին աշխատակիցը ըսած է, որ որեւէ մէկը քննութիւն չէ վերցուցած, չէ ստուգած առիւծների:

Ըստ անոր՝ առիւծներու քնացնելը եղած է առանց հիմնաւորման:

Նախկին եւ ներկայ աշխատակիցները նաեւ կասկածի տակ կը դնեն օրերս թունաւորումէն անկած զեպրի հարցը:

Մանուկ Մանուկեանի պնդմամբ՝ Ռուբէն Խաչատրեանը հաշուի չառներ մասնագէտներու կարծիքները եւ անոնց հակառակ քայլեր կը ձեռնարկէ, որոնց հետեւանքով կը տուժեն կենդանաբանական այգիի կենդանիները:

«Երբ «ելեկտրական հովիւներ» կը բերէ, մենք կ'ըսենք, թէ նման ձեւով «ելեկտրական հովիւները» չեն աշխատիր եղնիկներու մօտ, ան համաձայնութեան չի գար: Ինքը ճաղավանդակներու տեղը «էլեկտրական հովիւներով» կը փորձէ պարիսպ կառուցել եղնիկներուն համար, եւ որոշ ժամանակ անց եղնիկը պոզերով կը փաթթուի «ելեկտրական հովիւներուն» ու կը սատկի: Այդ ժամանկ ինք մեղաւոր կը սկսի փնտռել»,- ըսած է աշխատակիցը: