image

Սպիտակի եւ Արթիկի մէջ ձիւն

Սպիտակի եւ Արթիկի մէջ ձիւն

ՀՀ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 17 նոյեմբերին՝ ժամը 10:00-ի դրութեամբ, Սպիտակի եւ Արթիկի տարածաշրջաններու մեքենայի ճանապարհներուն թոյլ ձիւն կը տեղայ:

Խիտ մառախուղի պատճառով դժուարանցանելի է Վարդենեանց լեռնանցքը, տեսանելիութիւնը 50-60 մեթր է: 

ՀՀ միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան բոլոր մեքենանայի ճանապարհները բաց են: 

Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան մեքենայի ճանապարհներու վիճակի վերաբերեալ ամբողջական  տեղեկատուութիւն քաղաքացիները կրնան ստանալ ինչպէս նախարարութեան պաշտօնական կայքէն (www.mtcit.am, ինչպէս նաեւ ard.am), այնպէս ալ նախարարութենէն ներս շուրջօրեայ գործող (010) 56-25-33 տեղեկատու հեռախօսահամարով: