image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ հետ կապուած մեր քաղաքական նպատակը աջակցիլն է Հալէպի, Սուրիոյ հայ համայնքին. Փաշինեան

Սուրիոյ հետ կապուած մեր քաղաքական նպատակը աջակցիլն է Հալէպի, Սուրիոյ հայ համայնքին. Փաշինեան

ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ Սուրիա գործուղուող խումբի առաքելութիւնը բացառապէս մարդասիրական է, եւ անիկա ոչ մէկ միլիմեթր պիտի չշեղի ատկէ:

Այս մասին այսօր Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանի հարցումին, ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

«Սուրիոյ հետ կապուած մեր քաղաքական նպատակը աջակցիլն է Հալէպի, Սուրիոյ հայ համայնքին, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան խաղաղ կեանքին: Այդ խումբը ունի բացառապէս մարդասիրական առաքելութիւն, որու հասցէատէրը Սուրիոյ հայ համայնքն է, մասնաւորապէս` հալէպահայութիւնը, որովհետեւ այսօր, ինչպէս առաջ, հայութեան մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է այնտեղ: Կային մտահոգութիւններ, որ միջազգային մեր գործընկերներուն կամ անոնց մէկ մասին համար անընդունելի պիտի ըլլայ այսպիսի առաքելութեան իրականացումը: Բայց մենք ունինք ըմբռնում իմ ձեւակերպած առաքելութեան մասին, եւ մեր բոլոր գործընկերները ըմբռնումով կը մօտենան մեր ցանկութեան: Մենք պիտի իրականացնենք այդ առաքելութիւնը ճշգրիտ մեր նկարագրածի ծիրէն ներս, եւ ոչ մէկ միլիմեթր անկէ աւելի»,- ըսած է Փաշինեան:

Մարդասիրական առաքելութեան խումբի ծախսերը պիտի իրականացուին ՀՀ ամավարկէն:

Արմէն Աշոտեան Նիկոլ Փաշինեանէն հետաքրքրուեցաւ, թէ որուն կողմէ եղած է այդպիսի ծրագիր իրականացնելու առաջարկը:

«Առաջինը` նպատակի ձեւակերպումն է, եւ այդ նպատակը, ըստ էութեան, շատ երկար ժամանակ կը  ձեւակերպուի թէ Սուրիոյ հայութեան կողմէ, թէ Հայաստանի հանրութեան կողմէ, եւ մենք անընդհատ տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին  ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն առջեւ հարց բարձրացուցած ենք` Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու հետ կապուած խնդիրները լուծելու առումով, որոնց մէջ  մարդասիրական եւ ականազերծման: Այդ քննարկումներու արդիւնքով ծագած է գաղափար, որ քանի որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը փոխուած է ու կը փոխուի, եւ, ըստ էութեան, կարծես թէ, գործընթացները պարզ են, թէ ինչ ուղղութեամբ կ՛երթան, պէտք է պատրաստուիլ խաղաղ կեանքի: Այդպէս ծագած է գաղափարը, որ մենք ալ մեր ներդրումը ունենանք յայտկապէս հալէպահայութեան խաղաղ կեանքի համար որոշակի դաշտ ստեղծելու գործին մէջ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: