image

ՀՀԿ-ն պիտի մասնակցի ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն, ցուցակը պիտի գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

ՀՀԿ-ն պիտի մասնակցի ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն, ցուցակը պիտի գլխաւորէ Վիգէն Սարգսեանը

ՀՀԿ խորհուրդի նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ Վիգէն Սարգսեանը յայտարարած է, որ ՀՀԿ-ն պիտի մասնակցի ԱԺ արտահերթ ընտրութեան: Ան ընտրուած է ՀՀԿ առաջին փոխնախագահ:

Ան ըսած է, որ ՀՀԿ ԳՄ-ն խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է նախընտրական ցուցակի կազմաւորման սկզբունքները: Ցուցակը պիտի հրապարակուի 14 նոյեմբերին: Վիգէն Սարգսեանը յայտարարած է նաեւ, որ ցուցակը պիտի գլխաւորէ ինքը:

«Մենք շատ հետաքրքիր գործընթացի միջով ենք անցնում. դա կարգավիճակի թրանսֆորմացիան է իշխանութիւն լինելուց յետոյ», ըսած է Սարգսեանը՝ աւելցելով, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը նոր կարգավիճակով, որպէս ընդդիմադիր ուժ, կուսակցութեան գիտելիքը եւ փորձը երկրի առաջընթացի երկրի համար օգտագործելու ուղիներ կը որոնէ։

Անոր խօսքով, ՀՀԿ խորհուրդը քննարկած է շատ կարեւոր փաստաթուղթ, որ նախագիծի տեսքով կ'ամրագրէ Հանրապետական կուսակցութեան մօտեցումները երկրի մէջ տեղի ունեցած բոլոր գործընթացներուն, գործող Կառավարութեան գործունէութեան արդիւնքներուն եւ այն խնդիրներուն, որոնք կը տեսնէ ՀՀԿ-ն՝ քաղաքականութեան եւ գաղափարական մօտեցումներու տեսակէտէն:

Վիգէն Սարգսեանը ըսած է, որ ցուցակին մէջ պիտի չըլլան Սերժ Սարգսեանն ու նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանը: