image

Հնդկաստանի քաղաքացիներ փորձած են հատել հայ-թրքական սահմանը

Հնդկաստանի քաղաքացիներ փորձած են հատել հայ-թրքական սահմանը

Ռուս սահմանապահները 7 նոյեմբերին կանխած են հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատելու հերթական փորձը: Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի մէջ ՌԴ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն, 7 նոյեմբերին Արմաւիրի սահմանապահ ջոկատի ռուս սահմանապահները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատելու փորձի պահուն ձերբակալած են 4 անձ, որոնց մօտ փաստաթուղթեր չեն եղած:

Նախնական տուեալներով՝ սահմանախախտները Հնդկաստանի քաղաքացիներ են: Անոնց մօտ եղած են ուսապարկեր՝ անձնական իրերով եւ գումարով:

Անոնք բացատրած են, որ կեանքի լաւագոյն պայմաններու որոնման նպատակով Հայաստան եկած են, որպէսզի յետագային Թուրքիոյ տարածքով անօրինական ճանապարհով հասնին ԵՄ անդամ երկիրներ:

Ձերբակալուած քաղաքացիները փոխանցուած են պատասխանատու մարմիններուն՝ բոլոր հանգամանքները պարզելու համար: