image

Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տուաւ վարչապետի պաշտօնէն

Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական տուաւ վարչապետի պաշտօնէն

Նիկոլ Փաշինեանը Հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որու ընթացքին ներկայացուց վարչապետի պաշտօնէն իր հրաժարականը։ 

Այսօր՝ առաւօտեան, Կառավարութեան նիստի ժամանակ, վարչապետը յայտարարած էր, որ երեկոյեան հանդէս պիտի գայ կարեւոր յայտարարութեամբ։ 

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան France 24-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակով մտադիր է հրաժարական տալ: Ան մասնաւորապէս նշած էր, որ հրաժարական պիտի տայ 16 Հոկտեմբերին, եւ ըստ մօտաւոր հաշուարկներու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 Դեկտեմբերին:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեան ԱԺ «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ ստորագրած է յուշագիր , որով վերջինիս գլխաւորած խմբակցութիւնը կը պարտաւորուի իր հրաժարականէն ետք չառաջադրել ՀՀ վարչապետի թեկնածու, երկու անգամ անընդմէջ դէմ քուէարկել որեւէ այլ ուժի կողմէ ներկայացուած թեկնածուին, որմէ ետք Ազգային ժողովը կը լուծարուի օրէնքի ուժով:

ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները Դեկտեմբերին իրականացնելու եւ վարչապետի թեկնածու չառաջադրելու մասին յայտարարած են նաեւ «Հանրապետական» խմբակցութեան եւ զայն վերջերս լքած աւելի քան քսան պատագամաւոր: