image

Ռուանտայի ԱԳ նախարարը ընտրուած է Ֆրանքոֆոնիայի գլխաւոր քարտուղար

Ռուանտայի ԱԳ նախարարը ընտրուած է Ֆրանքոֆոնիայի գլխաւոր քարտուղար

Այսօր Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի վերջին օրը, Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար ընտրուած է Ռուանտայի ԱԳ նախարար Լուիս Մուշիկիւապոն:

Յիշեցնենք՝ այդ պաշտօնին առաջադրուած էին կազմակերպութեան գործող գլխաւոր քարտուղար, գանատացի Միքայէլ Ժանն ու Ռուանտայի ԱԳ նախարար Լուիս Մուշիկիւապոն: Միքայէլ Ժանը այդ պաշտօնը կը զբաղցնէր 2015 թուականէն, իսկ Լուիս Մուշիկիւապոյի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ափրիկեան պետութիւններու միութիւնը:

Ֆրանքոֆոնիայի յաջորդ գագաթաժողովը պիտի իրականցուի 2020 թուականին, Թունէսի մէջ:

«Ես որպէս գլխաւոր քարտուղար կարեւորութիւն պիտի տամ ֆրանսերէնին այս բազմալեզու աշխարհին մէջ: Այն 9 տարիներու ընթացքին, որ ես անցուցի Ռուանտայի դիւանագիտական ոլորտին մէջ, փորձած եմ լուծումներ գտնել հարցերու, երկիրի մը, որ տուժած է ցեղասպանութեան պատճառով, որ նաեւ կրցած է վերակառուցուիլ, ես կ'ուզեմ ֆրանքոֆոնիային տալ իր դերը որպէս ատեան մը, որ հաշտարարի դեր պիտի ունենայ այդ բանակցութիւններուն մէջ».-գագաթնաժողովէն ետք ունեցած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարը: