image
Հրատապ լուրեր:

Մեր պարտքն է կրկնապատկել ջանքերը` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, պատերազմական յանցագործութիւնները. Նիկոլ Փաշինեան

Մեր պարտքն է կրկնապատկել ջանքերը` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, պատերազմական յանցագործութիւնները. Նիկոլ Փաշինեան

Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովը զգալի ջանքեր կը գործադրէ ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի խնդիրներու եւ ճգնաժամերու յանգուցալուծման համար: Այս մասին, Երեւանի մէջ իրականացուող Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին բացման խօսքին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով մարդկութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն՝ պետութիւններու ղեկավարներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

«Այն ժամանակ, երբ մենք կը պատրաստուինք նշել Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման 70-ամեակը, մեր պարտքն է կրկնապատկել մեր ջանքերը` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները: Այս հակամարտութիւններու հետեւողական գոյութիւնը նաեւ կը պարտաւորեցնէ մեզի վերահաստատելու ճանչցուած միջազգային բանակցային ձեւաչափերու ծիրէն ներս հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման մեր յանձնառութիւնը»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ ատիկա նաեւ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, որուն շուրջ բանակցային գործընթացը կ՝ընթանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երեք համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Ան նշած է, որ խօսքը արդէն տասնամեակներ տեւող եւ բազմաթիւ տառապանքներ պատճառած հակամարտութեան մասին է։

«Հակամարտութիւնը հակադրութեան մէջ դրած է արդէն աւելի քան 25 տարի իր ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնող Լեռնային Ղարաբաղն ու Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը մերժող Ատրպէյճանը: Մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է որոշիչ ձայն ունենայ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ, եւ իր կարգավիճակը պէտք է որոշուի՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամարտայայտման իրաւունքը»,- ըսած է ան։

Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան հարցը։ Անոր խօսքով, վերջինս այնքան յաճախ դարձած է իր իրաւունքներու ոտնահարման, խտրականութիւններու եւ վայրագութիւններու զոհ, որ երկխօսութեան եւ ուժի կիրառման կրկնուող փորձերը լուրջ վտանգի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ։

«Մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի ստեղծումը առանցքային է կարգաւորման գործընթացի առաջմղման համար եւ մեր ողջ ջանքերը ուղղուած են փոխվստահութեան միջոցներու շուրջ արագ եւ համապարփակ համաձայնութիւններու ձեռքբերման խրախուսման, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին հակամարտութեան բոլոր կողմերու բնակչութիւններուն խաղաղութեան պատրաստելու համար»,- աւելցուցած է  Նիկոլ Փաշինեան: