image

Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին մասնակիցները ծափահարութիւններով ողջունած են Շարլ Ազնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը

Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին մասնակիցները ծափահարութիւններով ողջունած են Շարլ Ազնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը

Երեւանի մէջ իրականացուող Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակիցները ձեռնարկին սկիզբը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունած են աշխարհահռչակ հայ երկիգ Շառլ Ազնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ կ՝ուզէ արտայայտել այն անսահման ցաւը, որ զինք կը համակէ Շառլ Ազնաւուրի մասին մտածելու պահուն:

«Այնքան արժէքաւոր անձնաւորութիւն մը, որ մեզմէ հեռացաւ Հոկտեմբեր 1-ին: Այդ մեծ անձնաւորութիւնը, ֆրանսերէն լեզուի դեսպանը 100 տոկոս ֆրանսացի էր, միեւնոյն ժամանակ 100 տոկոս հայ: Ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել, կը փափաքէր երկար ժամանակ ըլլալ մեր կողքին՝ արտայայտելու իր նուիրուածութիւնը սիրելի երկու երկիրներուն՝ Ֆրանսային եւ Հայաստանին, նաեւ նշանաւորելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու տօնը, որուն ամբողջ կեանքին ընթացքին կը ծառայէր: Ֆրանսական մեծ երգիչի գլուխգործոցները, որոնք արդէն բազմաթիւ սերունդներու ուղեկցած են եւ դեռ պիտի ուղեկցին, երկար պիտի մնան մեր յիշողութիւններուն մէջ: Մենք կը սգանք, որովհետեւ կը սիրենք: Ան, ըլլալով Հայաստանի եռանդուն պաշտպան, մեր երկրի դեսպանը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, բարձր պահած է Հայաստանի անունը: Մենք յաւերժ երախտապարտ պիտի ըլլանք իրեն: Ան հեռացաւ մեզմէ, բայց ներկայ է մեր մտքերուն մէջ: Անոր յիշատակը 1 վայրկեան լռութեամբ յարգելու փոխարէն, կը խնդրեմ անոր յիշատակը տօնելու համար ջերմ ծափահարութիւններով ողջունել Շառլ Անզնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը»,- ըսած է  Նիկոլ Փաշինեան: