image

Էմանուէլ Մաքրոն յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը(Լուսանկարներ) (Տեսանիւթ)

Էմանուէլ Մաքրոն  յարգեց  Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը(Լուսանկարներ) (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` Մաքրոնը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր գացած էր Հայաստանի մէջ ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս Հայաստան այցի ժամանակ:

Նախագահ Մաքրոնին ուղեկցած էին նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ շրջայց կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Այնուհետեւ Էմանուէլ Մաքրոնը Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկած է: