image
Հրատապ լուրեր:

Թունաւորման արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. 12 ուսանողներ տեղափոխուած են հիւանդանոց

Թունաւորման արտակարգ դէպք Երեւանի մէջ. 12 ուսանողներ տեղափոխուած են հիւանդանոց

Տնտեսագիտական համալսարանի Աւանի ֆինանսատնտեսագիտական քոլեճի 12 ուսանողներ երէկ՝ 13 սեպտեմբերին, տեղափոխուած են «Մուրացան» եւ «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com-ը։

Անոնք բժիշկներուն յայտնած են, որ իրենց ինքնազգացողութիւնը վատացեր է։

Ոստիկանները պարզած են, որ երեխաները հիւանդանոց տեղափոխուած են Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի Աւանի ֆինանսատնտեսագիտական քոլեճէն եւ անոնք թունաւորուած են քոլեճի տարածքին գործող թանի արտադրամասի մասնաշէնքի բակին մէջ տեղադրուած կազի պալոնի արտահոսքէն առաջացած շմոլ կազի հետեւանքով։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ հիւանդանոց տեղափոխուած են քոլեճի ուսանողներ՝ 16-ամեայ Մարիա Մ.-ն, 16-ամեայ Լիտիա Ա.-ն, 17-ամեայ Էլիա Ս.-ն, 16-ամեա Թամարա Մ.-ն, 18-ամեայ Ալպերթ Ս.-ն, 16-ամեայ Մարթին Պ.-ն, 16-ամեայ Լուսինէ Հ.-ն, 16-ամեայ Սիւզաննա Ն.-ն, 17-ամեայ Մերի Բ.-ն։

«Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 17-ամեայ Լուսինէ Հ.-ն, «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 17-ամեայ Աննա Ա.-ն, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 18-ամեայ Միլենա Ս.-ն։