image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանի նուէրը Անկելա Մերքըլին

Սուրիահայ Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանի նուէրը  Անկելա Մերքըլին

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքըլ Հայաստան գտնուած ժամանակ նուէր ստացած է Երեւան բնակող սուրիահայ Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանի գործած սփռոցը: «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով  Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանը վարչապետին համար ձեռագործ նուէր պատրաստելու առաջարկը ստացած է կառավարութենէն եւ իբրեւ այդպիսին հարմար գտած ութ տարի առաջ սկսած իր ասեղնագործ աշխատանքներէն մէկը, որ Այնթապի հռչակաւոր ասեղնագործութեան դպրոցի կատարեալ նմուշ կը համարուի՝ նորացուած մոթիւներով: 

Սփռոցը Անկելա Մերքըլին նուիրուած է առ ի երախտագիտութիւն գերմանական GIZ կազմակերպութեան, որ 2015 թուականէն կը հովանաւորէ  Հայաստան բնակող խումբ մը սուրիահայ կանանց՝ ձեռագործ աշխատանքներ պատրաստելու եւ անոնց վաճառքով իրենց ապրուստը հոգալու մէջ:  Վարչապետը յուզմունքով ընդունած է նուէրը, իսկ  bundeskanzlerin  էջը նկար հրապարակած է հայ ժողովրդական վարպետուհիին հետ հանդիպումէն եւ գրառում ըրած ընկերային ցանցին մէջ: 



 

Սուրիահայ Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանը ժողովրդական վարպետի կոչում ստացած է Հայաստանի մէջ:  Ան կը տիրապետէ հայկական զարդանախշերու ու  հայկական աւանդական կարատեսակներու՝ Վան-Սվազի, Ուրֆայի, Մարաշի, Այնթապի եւ այլ վայրերու ասեղնագործութեան գաղտնիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ շղարշ ասեղնագործութեան եւ իր փորձը կը փոխանցէ բազմաթիւ մարդոց:  

 

 

Լուսանկարին մէջ՝ Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեանը  Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի հետ