image

Երեւանի մէջ փլուզման արկած. Կայ մէկ զոհ

Երեւանի մէջ   փլուզման  արկած. Կայ  մէկ  զոհ

Արշակունեաց պողոտայի 23 շէնքի փլուզումէն տուժած է 3 հոգի, անոնցմէ մէկը հիւանդանոցի մէջ արդէն իր կեանքը կորսնցուցած է: Ըստ  տրուած տեղեկութեան, միւս անձը կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, ունի գանկուղեղային ծանր վնասուածք՝ բժիշկները անոր վիճակը ծանր գնահատած են: 3-րդ տուժածը, որ քերծուածքներ  ստացած է՝ արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն։ 


Կը նշուի նաեւ, որ  փլուզուած շէնքը բնակելի չէ, այս հասցէին կը գտնուի արդարադատութեան նախարարութեան դատաքննութեան պետական ծառայութիւնը: Ականատեսներէն յայտնած են, որ շէնքի մէջ որոշակի վերանորոգման աշխատանքներ սկսած են մօտ մէկ շաբաթ առաջ:

Նախնական տուեալներով՝ քանդուած է շէնքի ճակատային հատուածի քիւը:


Քննիչները եւ փորձագիտութեան ազգային պիւրոյի անդամներ անմիջապէս հասած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած են, սակայն որեւէ մանրամասնութիւն չեն փոխանցած:

 

Լուրը  «թերթ» կայքէն։