image

Արէնա Զեյնալեան դարձաւ «Միսս Հայուհի 2018»

Արէնա Զեյնալեան դարձաւ «Միսս Հայուհի 2018»

Քիչ առաջ աւարտեցաւ «Միսս Հայուհի 2018» գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն յաղթող ճանչցուեցաւ Արէնա Զեյնալեանը Թեհրանէն։

Արէնան 24 տարեկան է։ Մասնագիտութեմբ նկարչուհի է, կը զբաղուի ոսկերչութեամբ։ Հիմա կը պատրաստուի բոլոր ուժերը կեդրոնացնել «Միսս աշխարհ» մրցոյթին յաւուր պատշաճի Հայաստանը ներկայացնելու համար։

Մրցոյթի կազմակերպիչ Գոհար Յարութիւնեանը յայտնած է, որ «Միսս Արմէնիա 2017»–էն ետք Արէնան եղած է առաջին մասնակիցը, որ դիմած է մրցոյթին մասնակցելու համար։

 

«Իհարկէ, յետագայում ընտրուեցին տարբեր աղջիկներ, մրցակցութիւնը կար, սակայն բեմում Արէնան իրեն անթերի դրսեւորեց, ժպտում էր, ճիշդ ներկայացնում իրեն»,– ըսած է Գոհարը։ 

 

Արէնան ճանչցուեցաւ նաեւ «Միսս Համերաշխութիւն», այս տիտղոսը կը շնորհուի մասնակից աղջիկներու ընտրութեամբ։ Գոհարը կարեւորած է այս հանգամանքը, քանի որ 24–ամեայ աղջիկը պիտի մեկնի «Միսս Աշխարհ», ուր կարեւոր է ոչ միայն գեղեցիկ, այլեւ բարի ըլլալը։