image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի Պասքէթպոլի Ազգային Հաւաքականը Պէյրութ մեկնեցաւ

Հայաստանի Պասքէթպոլի Ազգային Հաւաքականը Պէյրութ մեկնեցաւ

Հայաստանի պասքէթպոլի ազգային խումբը մեկնած է Պէյրութ, ուր պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարի:

Այս մասին կը տեղեկացնեն պասքէթպոլի դաշնութենէն: Պէյրութի մէջ հաւաքականը, Յունիս 21-24 պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարի: Միջազգային մրցաշարին Հայաստանի հաւաքականը ուժերը պիտի չափէ Լիբանանի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի հաւաքականներուն հետ:

25 Յունիսին, մեր ընտրանին ընկերական հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Սուրիոյ հաւաքականի հետ:

Յունիս 26-ին, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մեկնի Քոփենհակըն, ուր, Յունիս 28-ին, ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակով ՝ 20:00) Եւրօ-2021-ի նախընտրական փուլի վերջին խաղին պիտի հիւրընկալուի Դանիոյ ազգային հաւաքականին:

Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիգշա Պաւցեւիչի գլխաւորութեամբ մրցավայր մեկնած են հետեւեալ խաղացողները.

  1. Արագադ Աբրամեան
  2. Քորի Սիլուերսթրոմ Ազադիգեան
  3. Արտիոմ Թաւակալեան
  4. Ալպերթ Թադեւոսեան
  5. Թադէ Քէշիշեան
  6. Զաքարի Թաւիդեան
  7. Արման Յակոբեան
  8. Միքայէլ Յակոբեան
  9. Մեթիւ Մադոյեան
  10. Արամ Արսլանեան

Սեւակ Կէտենճեան, Ալլան Հեսս եւ Տոդդ ՛Օ Պրէյնը հաւաքականին պիտի միանան Լիբանանի մէջ, իսկ Լուկաս Ֆիշեր ու Անդրանիկ Չրաբաշը՝
26 Յունիսին, Քոփենհակընի մէջ:

Մեր պատուիրակութիւնը ղեկավարում է ՀԲՖ փոխնախագահ Արա Պողոսեանը: