image

«Իբրեւ նախարար կը նախընտրեմ առաջինն այցելել ամենավտանգաւոր երկիրը». Սփիւռքի նախարար

«Իբրեւ նախարար կը նախընտրեմ առաջինն այցելել ամենավտանգաւոր երկիրը». Սփիւռքի նախարար

ԼOՖԹ ինքնազարգացման կեդրոնին մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, պատասխանելով «Արեւելքի» այն հարցին, թէ ո՞ր երկիրը պիտի այցելէ առաջին անգամ որպէս նախարար, ըսաւ. «Ես ունեմ տարբերակ, բայց մի քանի գործօններից է կախուած:  Դեռեւս քաղաքական որոշում չկայ, բայց ես ինքս, եթէ իմ որոշելով լինի, նախընտրում եմ գնալ ամենավտանգաւոր երկիրը»:  

Դահլիճի այն հարցին, թէ ո՞րն է այդ երկիրը, արդեօ՞ք Սուրիան, նախարարն ըսաւ. «Չեմ ասի»: Դահլիճի մէջ տեսակէտ հնչեց, թէ հնարաւոր է այդ երկիրը Թուրքիան է, եւ նախարարը վտանգաւոր կը համարէ այն առումով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն ցանկութիւն կայ իբրեւ նախարար առաջինը այնտեղ այցելելու: