image

Ռոտ Այլընտ նահանգը սումկայիթեան ջարդերու 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ բանաձեւ ընդունած է

Ռոտ Այլընտ նահանգը սումկայիթեան ջարդերու 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ բանաձեւ ընդունած է

17 Մայիսին ԱՄՆ Ռոտ Այլընտ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն՝ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան կոտորածի 30–րդ տարելիցի կապակցութեամբ բանաձեւ ընդունած է։

Բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս, նշուած է, որ Ռոտ Այլընտ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը կ'ոգեկոչէ Սումկայիթի ողբերգական իրադարձութիւններու 30-րդ տարելիցը, ինչպէս նաեւ կ'ողջունէ Արցախի Հանրապետութեան ձգտումը՝ ի հեճուկս Ատրպէյճանի թշնամութեան, շարունակել իր ժողովրդավարական ուղին եւ զարգանալ որպէս միջազգային հանրութեան վստահելի անդամ։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է, որ նահանգի պետական քարտուղարը լիազօրուած է բանաձեւի վաւերացուած պատճենները փոխանցել ԱՄՆ Նախագահին, Ռոտ Այլընտի Քոնկրեսին եւ ԱՄՆ Պետաական բաժանմունքին։