ՀՀ նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց կարգուձեւի յանձնաժողովին ներկայացուցած է իր՝ 2017 թ. տարեկան յայտարարագիրը: «Փաստ» օրաթերթը ներկայացուցած է այդ յայտարարագրի մէջ նշուած տուեալները։
Ըստ այդ յայտարարագրի՝ Նիկոլ Փաշինեանը անշարժ ո շարժական գոյք չունի: Փոխարէնը յայտարարագրած է փոխառութիւններ, որոնք 2017 թ. վերջաւորութեան կազմած են 1 միլիոն 427 հազար, 85 հազար 608 եւ 68 հազար 750 դրամ: Դրամական միջոցներն ալ կազմած են 791 հազար 800 դրամ։
Տարեկան եկամուտները եղած են 7 միլիոն 941 հազար դրամ, որմէ 6 միլիոն 941 հազար դրամը աշխատավարձն է, իսկ 1 միլիոնը՝ նուիրատուութիւն։
Կինը՝ Աննա Յակոբեանը, նոյնպէս որեւէ գոյք չէ յայտարարագրած։ Ունեցած է փոխառութիւններ, որոնք 2017 թ. սկզբը կազմած են 1 միլիոն 300 հազար դրամ, որմէ 1 միլիոնը տարուան ընթացքին վերադարձուած են իրեն, եւ որպէս արդիւնք՝ տարեվերջին ունեցած է միայն 300 հազար դրամ փոխառութիւն։
Դրամական միջոցները կազմած են միայն 1000 ԱՄՆ տոլար, իսկ տարեկան եկամուտները՝ 11 միլիոն 745 հազար դրամ, որմէ 3 միլիոն 858 հազար ու 1 միլիոն 725 հազար դրամը աշխատավարձեր են, իսկ 2 միլիոն 700 հազար եւ 3 միլիոն 462 հազար դրամը վարձակալութեան դիմաց ստացած վճար է: