ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան Նիկոլ Փաշինեանի հետ քանի մը րոպէ երկխօսութիւն ունենալէ ետք լքեց «Մարիոթ» հիւրանոցը:
Երկխօսութեան ընթացքին Սարգսեան ըսաւ, որ Փաշինեանի քայլերը ուղղուած են պետութեան դէմ: Ան նաեւ դիտարկեց, որ Փաշինեան չէ սորված մարտի մէկեան դասերը եւ այսօր որեւէ ծայրայեղ դէպքի պարագային ամբողջի պատասխանատուութիւնը կ'իյնայ Փաշինեանի ուսերուն:
Ի դէպ Սարգսեանը այս տողերը ոտքի կանգնելով ըսաւ ու նաեւ խօսքը լրագրողներուն դիմելով յայտնեց «արձանագրէ՛ք այս փաստը»:
Իր կարգին Փաշինեան աւելի ուշ յայտնեց, որ Սարգսեան իր հետ կը խօսի սպառնալիքներու լեզուով եւ իր պահանջը Սերժ Սարգսեանի վարչապետի իր պաշտօնէն հեռացումն է:
Հարցին, որ կրնայ պատահիլ, որ ուժային մարմինները բռնի ուժով ցրեն բողոքի ցոյցերը Փաշինեան նկատել տուաւ, որ «ցոյցերը ցրուելու որեւէ օրինական հիմք չկայ» եւ ան այս առումով մէջբերեց սահմանադրութեան այդ խնդրի վերաբերեալ կէտը:
Այս պահուն Փաշինեան դուրս եկած ու միացած է «Հանրապետութեան» հրապարակի վրայ գտնուող հազարաւոր ցուցարաներուն: