image
Հրատապ լուրեր:

Ազգային Ժողովի շէնքի մօտ բախումներ. Ոստիկանութիւնը կը փորձէ կարգի հրաւիրել բողոքարարները

Ազգային Ժողովի շէնքի  մօտ բախումներ. Ոստիկանութիւնը  կը փորձէ կարգի   հրաւիրել բողոքարարները

Լարուած իրավիճակ   կը տիրէ Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային Ժողովի    մայր մուտքին   մօտ:    «Ելք»   խմբակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր հետեւորդներուն հետ կը գտնուէր Ֆրանսայի հրապարակ    բարձրացած են  դէպի Ազգային Ժողովի  գլխաւոր մուտքը, ուր Փաշինեան  ոստիկանութեան ներկայացուցիչին    յայտնած է, որ  ցուցարարները կը համարուին իր հիւրը եւ   եկած   են իր մօտ   բարձրանալու: Ոստիկանութեան     պատասխանատուներէն գնդապետ  Օսիբեան    Փաշինեանին յայտնած է, որ իր  քայլը  օրինական բէ եւ անկէ պահանջած,  որ   այլ մուտքով անցնի Ազգային Ժողով, որմէ ետք  Փաշինեան  փորձած  է ոստիկանութեան «շղթա»ն  հատել ու ներս մտնել: Այդ պահուն ալ   սկիզբ առած են բախումներ:

 Ըստ «Ազատութիւն» կայանի լրագրողին  Փաշինեան վիրաւորուած է: Իրավիճակը կը շարունակէ  լարուած մնալ Ազգային Ժողովի գլխաւոր մուտքին մօտակայքը: