image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանը կոչ ըրաւ բանալ ճանապարհները եւ հասնիլ «Ֆրանսայի հրապարակ»

Փաշինեանը կոչ ըրաւ բանալ ճանապարհները եւ հասնիլ «Ֆրանսայի հրապարակ»

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երթի մասնակիցները Սարեան փողոցով շարժեցան դէպի ֆրանսայի հանրահաւաք: Ամբողջ երթի ընթացքին անոնք կոչ կ'ընէին քաղաքացիներուն միանալ իրենց եւ հրապարակ ուղղուիլ:

«Արի՛ հրապարակ, տէ՛ր կանգնիր քո երկրին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո հայրենիքին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո ազատութեանը»,-կոչ կ'ընէին երթի մասնակիցները:

Ֆրանսայի հրապարակի վրայ, ուր անոնց հանդիպած էր ոստիկանութեան պատնէշը, ցուցարարները կանգ առին:

«Բոլոր այն ընկերները, ովքեր խաչմերուկներ են փակել, այս պահին թող թողնեն իրենց վայրերը եւ միանան մեզ` Ֆրանսայի հրապարակում: Բոլորս մէկտեղւում ենք այստեղ»,-յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ֆրանսայի հրապարակի մէջ Նիկոլ Փաշինեանը դիմելով քաղաքացիներուն, նշած է, որ շատ շատերն անհնար կը համարէին այս ամէնը, այս տեսարանը: «Բայց այսօր դուք ցոյց տուեցիք, որ Հայաստանի ժողովուրդը ազատասէր ժողովուրդ է եւ Հայաստանի ժողովուրդը յաղթող ժողովուրդ է:

Մենք այսօր վերականգնեցինք մեր յաղթանակը, մեր արժանապատուութիւնը, յոյսը»,-ըսած է ան: