image
Հրատապ լուրեր:

Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած է «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերու հանրապետական փուլը

Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած է «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերու հանրապետական փուլը

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ պաշտպանութեան բանակի համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Ստեփանակերտի Քրիստափոր Իվանեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ, այսօր մեկնարկած է «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերու հանրապետական փուլը, որուն Ստեփանակերտէն եւ շրջաններէն կը մասնակցի 8 խումբ:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ռազմամարզական խաղերը բաղկացած են հինգ մրցաձեւերէ` շարային պատրաստութիւն, «քալաշնիքով» ինքնաձիգի ոչ լրիւ քանդում եւ հաւաքում, պահեստատուփի լիցքաւորում, հրաձգութիւն ինքնաձիգով, քաղաքացիական պաշտպանութիւն եւ ֆիզիքական պատրաստութիւն:

Ձեռնարկի մասնակիցները նախ ծաղիկներ խոնարհած են Քրիստափոր Իվանեանի յուշարձանին, այնուհետեւ հնչած է Արցախի օրհներգը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է ԱՀ ՊԲ հրամանատարի անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքներու (ԱՀՏԱ) գծով տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Վարդան Բալայեանը:

Ան ըսած է, որ նման  խաղերը հիմք կը դնեն ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ամրապնդման եւ բանակաշինութեան գործընթացին:

Վ. Բալայեան նշած է, որ այսօրուան հայոց բանակը զինուած է այնպիսի ռազմական սարքերով, որուն ճիշդ օգտագործման համար անհրաժեշտ են բանիմաց, գրագէտ զինուորներ: Դպրոցի մէջ ստանալով գրագէտ կրթութիւն եւ զանոնք տարուէ տարի ամրապնդելով` երիտասարդները, իբրեւ արդէն գրեթէ պատրաստ զինուորներ, կը ներկայանան պարտադիր զինուորական ծառայութեան:

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան ներկաները շնորհաւորած է «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերու բացման առիթով եւ կարեւոր համարած նմանատիպ ձեռնարկներու իրականացումը:

Նախարարին խօսքով` անկախ նախասիրութիւններէն եւ մասնագիտական կրթութենէն, հայրենիքի պաշտպանութիւնը պարտադիր եւ պատուաբեր է իւրաքանչիւր հայու համար:

Ն. Աղաբալեան նշած է, որ ապրիլեան պատերազմը ապացուցած է, որ նոր սերունդը իր հայրերէն ու մեծ հայրերէն ժառանգած է լաւագոյն որակներն ու արժանիքները` հայրենասիրութիւն, խիզախութիւն, անկոտրում կամք:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ այսօրուան խաղի մասնակից պատանիները նոյն այդ տեսակի կրողներն են:

ԱՀ ԿԳՍ նախարարութեան ռազմահայրենասիրական, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի պետ Ստեփան Օհանջանեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ այս տարուան «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերը նուիրուած են Արցախեան շարժման 30-ամեակին, որ կը պարտաւորեցնէ ալ աւելի մեծ պատասխանատւութեամբ ու նուիրումով մասնակցելու այս ձեռնարկին` ֆիզիքապէս ու բարոյապէս պատրաստ ըլլալու շարունակելու մեր հայրերու եւ աւագ եղբայրներու պայքարի գործը:

Իսկ խաղին մասնակից Հերհերի Ալիս Սիսեռեանի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտուհի Լուսինէ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ամէն մէկ արցախցի, անկախ տարիքէն, պիտի ֆիզիքական պատրաստութիւն եւ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւն ստանայ. Ատոր կը նպաստեն Արցախի մէջ ամէն տարի իրականացուող «Արծուիկ» ռազմամարզական խաղերը:

Նշենք, որ մրցումները պիտի տեւեն երեք օր` մինչեւ Մարտ 22: