image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ պիտի օծէ Տնեպրի հայկական եկեղեցին

Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոս Գարեգին Բ պիտի օծէ Տնեպրի հայկական եկեղեցին

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մարտ 16-17 պիտի այցելէ Ուքրանիա եւ պիտի գլխաւորէ հայկական սփիւռքի շարք մը ձեռնարկներ, կը հաղորդէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմը:

Մարտ 16-ին կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը պիտի կատարէ Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կառուցուող հայկական տաճարի հիմքի օրհնութիւնը: Ձեռնարկին պիտի մասնակցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Մարկոս Յովհաննիսեանը, Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանը, Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանը, տարածաշրջանային հայկական համայնքներու ղեկավարներ, հոգեւորականներ:

Օծումէն ետք Գարեգին Երկրորդը պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ հայերու միութեան համաժողովին։

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քահանայ Կարապետ Ղարիբեանի փոխանցմամբ`  Գարեգին Բ․ Ուքրանիա կատարած այցի ծիրէն ներս Մարտ 17-ին պիտի կուտարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Քիեւի մէջ կառուցուող տաճարը պիտի ըլլայ Եւրոպայի խոշորագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկը: