image

Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս ծեծկռտուքի փաստով քրէական գործ յարուցուած է

Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս ծեծկռտուքի փաստով քրէական գործ յարուցուած է

Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցած ծեծկռտուքի փաստով Քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ եւ 118-րդ յօդուածներու 1-ին մասերու յատկանիշներով (խուլիկանութիւն եւ ծեծ)  քրէական գործ յարուցուած է, այս մասին Tert.am-ին հաղորդած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեանը:

«Քննիչը գործը վարոյթ կ'ընդունի, կուսումնասիրի նիւթերը եւ կը ձեռնարկի անհրաժեշտ գործողութիւններ»,-ըսած է Տռուզեան:

Նշենք, որ ոստիկանութիւն դիմած էին թէ՛ «Եիկիր Ծիրանի»ի ներկայացուցիչները, թէ՛ քաղաքապետարանը: