image

Մայր Աթոռի մէջ Պոլսոյ Աթոռի հարցով կարեւոր քննարկում 20 փետրուարին

Մայր Աթոռի մէջ Պոլսոյ Աթոռի հարցով կարեւոր քննարկում 20 փետրուարին

9 Փետրուարին Պոլսի հայոց պատրիարքութեան կրօնական ժողովը, տեղի տալով պետութեան պահանջներուն, որոշեց Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը վերականգնել պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան յայտնած է, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յառաջիկայ ժողովին պիտի անդրադառնայ այս խնդրին:

«Փետրուար  20-ին կայանալիք  Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին պիտի քննարկուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 5-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը պատրիարքարան ուղարկած էր նամակ, ուր անվաւեր կը համարէր պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի ընտրութիւնը եւ այդ ընթացքին անոր ընդունած որոշումները, իսկ պատրիարքութեան ղեկավար կը ճանչնայ Արամ Աթէշեանը: Նամակին մէջ կ՛ընդգծուի, որ պատրիարքի ընտրութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ, քանի դեռ ողջ է Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքը:

Փետրուար 9-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ կրօնական ժողով գումարուած էր Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ` քննարկելու նահանգապետարանէն ստացուած նամակը: Ժողովը որոշած էր ընդառաջել պետութեան պահանջներուն եւ Արամ Աթէշեանը վերականգնել պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին: