image

Հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց. 7 օր առաջնագիծին

Հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց. 7 օր առաջնագիծին

Յունուարի 7-էն 13-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճնական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց:

Բացի հրաձգային զինատեսակներէն, ատրպէյճանական զինուժը առաջնագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ կիրառած է նաեւ խոշոր տրամաչափի գնդացիրներ եւ դիպուկահար հրացաններ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը՝ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: