image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի օրն է

Այսօր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակի օրն է

29 տարի առաջ` 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ին` տեղական ժամանակով ժամը 11:41, Հայաստանը ցնցեց Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Անիկա ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը: Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր:

Զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէն դուրս եկաւ բնակելի շէնքերուն 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ, բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը։

Սակայն ցաւօք, երկրաշարժէն 29 տարի անց դեռ աղէտի գօտի հասկացութիւնը չէ վերացած, անտուն մնացած ընտանիքները դեռ կը շարունակեն ապրիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ:  Տակաւին մօտ 540 ընտանիք կը սպասէ բնակարանի: Անոնք հիմնականօրէն Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի մարզերու գիւղական բնակավայրերու ընտանիքներ են: Այդ ընտանիքներուն մեծ մասը կը բնակի Լոռիի, մէկ որոշ մասը` Շիրակի, այնուհետեւ` Արագածոտնի մարզին մէջ: 2018 թուականի պիւջէով նախատեսուած է կէս միլիառ դրամ յատկացնել մօտ 50 ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը լուծելու համար: Ամբողջական պարտաւորութիւններու աւարտը նախատեսուած է 2020 թուականը:

Այսօր ունինք հարիւրաւոր Անօթեւան ընտանիքներ, որոնք կ՛ապրին ուղղակի անմարդկային պայմաններու մէջ, երբ հնարաւոր է Երեւանի մէջ պետական պաշտօնեաները սպասարկող ծառայողական մեքենաներէն իւրաքանչիւրի գինով գնել առնուազն մէկական բնակարան: