image

Երեւանի մէջ գիրքի փառատօն՝ Նոյեմբերի 24-էն 26

Երեւանի մէջ գիրքի փառատօն՝ Նոյեմբերի 24-էն 26

Նոյեմբերի 24-էն 26 Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Գիրքի երեւանեան առաջին փառատօնը (Yerevan Book Fest): 


Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակի կից Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Mediamax»ը:

Մշակոյթի նախարարութեան հաղորդմամաբ, փառատօնի նպատակը հայ ժամանակակից գրականութիւնը ընթերցողին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնելն է, գրող-հրատարակիչ-ընթերցող շղթայի ամրացումը, նոր հրատարակութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը առաւել հասանելի դարձնելը: 

Փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենան գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք, 
վարպետութան դասընթացներ, ընթերցանութիւն եւ անտիպ գործերու մրցոյթ:


Գիրքի երեւանեան առաջին փառատօնի մեկնարկը ազդարարող բարեգործական գրքահաւաքը 20 նոյեմբերին ժամը 15:00-ին պիտի բացուի «Միրզոյեան» գրադարանէն ներս (Երեւան, Մհեր Մկրտչեան 10)։ Ներկայ պիտի ըլլան հիւրեր գրականութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթի, սփորթի, շոու-պիզնեսի ոլորտներէն: Անոնք իրենց գիրքերը պիտի մակագրեն Բաղանիսի դպրոցի գրադարանի համար:  Գրքահաւաքի մուտքը՝ գիրքով:

 

Yerevan Book Fest-ի հիմնական միջոցառումները տեսնել՝ արեւելահայերէն: