image
Հրատապ լուրեր:

Վլատիմիր Փութին նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնած է Միխայիր Վրուպելի գողցուած կտաւը

Վլատիմիր Փութին նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնած է Միխայիր Վրուպելի գողցուած կտաւը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 15-ին Թրեթեաքովեան պատկերասրահին մէջ մասնակցած են «Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու պաշտօնական բացման արարողութեան:

Արարողութիւնը մեկնարկած է Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուած են նկարիչի մօտ երեք տասնեակ աշխատանքներ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Երեւանի մէջ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Թրեթեաքովեան պատկերասրահի հաւաքածուներէն:

Այս առիթով Վլատիմիր Փութին Սերժ Սարգսեանին յանձնած է 1995 թուականին Հայաստանէն գողցուած նկարիչ Միխայիլ Վրուպելի «Դեւը եւ հրեշտակը Թամարի հոգիին հետ» կտաւը: