image

Մեկնարկած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը

Մեկնարկած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը

Այսօր Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս մեկնարկեց «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական՝ 6-րդ համահայկական համաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 20 սեպտեմբեր:

Այս տարի համաժողովին, Սփիւռքի նախարարութեան համաձայն, պիտի մասնակցին աւելի քան 1500 մարդ 70 երիկրներէ: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ: 

Համաժողովի ընթացքին տեղի պիտի ունենան 3 լիագումար նիստեր, ինչպէս նաեւ 4 ուղղութիւններով նախատեսուած 16 թեմաներու շուրջ նիստեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման (ՀՀ միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարարութիւն), տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն եւ ազգային անվտանգութեան օրակարգին, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին, Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն: 

Համաժողովի օրերուն պիտի կազմակերպուին նաեւ մշակութային երեկոներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ունկնդրելու օփերային ճանչցուած երգչուհի Արաքս Մանսուրեանին, մասնակցելու «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10-ամեակին նուիրուած համերգին, մասնակցիլ «Նաիրի» համահայկական փառատօնին:


Այս տարուայ համաժողովը կը յատկանշուի այն բանով, որ պիտի քննարկուի նաեւ համահայկական խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը: