image

Արցախի մէջ վիրաւորուած 2 զինուորներուն վիճակը կայուն է. ՀՀ ՊՆ Բուժծառայութեան վարչութեան պետ

Արցախի մէջ վիրաւորուած 2 զինուորներուն վիճակը կայուն է. ՀՀ ՊՆ Բուժծառայութեան վարչութեան պետ

Արցախէն Երեւան տեղափոխուած զինծառայողներուն վիճակը կայուն է, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի պաշտօանութեան նախարարութեան Բուժծառայութեան վարչութեան պետ Կամաւոր Խաչատրեան:

«Երկուքն ալ գիտակցութիւն ունին, Զինուորական հիւանդանոցին մէջ զինուորը ստացած էր բեկորային վնասուածքներ, նաեւ գլուխէն, վիրահատական միջամտութիւն դեռ չենք ըներ, որ չվնասենք: «Մալաեան» ակնաբուժական հիւանդանոցին մէջ գտնուող զինծառայողը, որ ստացած էր աչքերու այրուածքներ, գիտէք, վիրահատուած է, մանր -մունր բեկորները հեռացուցած են, պէտք է վէրքերը լաւանան, որ հասկնանք` տեսողութեան վրայ ինչպիսի ազդեցութիւն ունեցած է», – ըսած է Կամաւոր Խաչատրեան:

Ան ընդգծած է, որ «Մալաեան» կեդրոնին մէջ գտնուող զինծառայողը Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ եւս գիտակցութիւն ունեցած է:

Նշենք, որ զինծառայողները Արցախէն Երեւան տեղափոխուած էին Յունիս 17-ին:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 16-ին` ժամը 18:05-ի մօտ, հակառակորդը հաստոցաւոր հակատանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարը ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով զոհուած են զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը (ծնած 1997-ին), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (ծնած 1997-ին) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (ծնած 1997-ին): Յունիս 17-ին առաւօտեան ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի  ծնունդ Նարեկ Տիգրանի Գասպարեանը: