image

Սահմանին նկատուած է լարուածութեան աճ. Հակառակորդը կիրառած է ականանետ եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ

Սահմանին նկատուած է լարուածութեան աճ. Հակառակորդը կիրառած է ականանետ եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ

Մայիսի 6-ին, 7-ին եւ լոյս 8-ի գիշերը արցախեան սահմանին նկատուած է լարուածութեան աճ: Հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 160 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2600 կրակոց:

Սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը 7 մայիսին կիրառած է նաեւ ականանետ (7 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (7 արկ):


Ինչպէս կը յայտնեն ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն, ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին եւ իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

Այս պահի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերական հանգիստ է:

ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի տեղեկացմամբ՝ երէկ կրակոցներ եղած են նաեւ ՀՀ սահմանին, սակայն այս պահուն իրավիճակը հանգիստ է: