image

Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառք

Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառք

Մայիս 5-ին, ժամը 11:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ Արաբկիր վարչական շրջանի Յակոբ Յակոբեան փողոցի թիւ 3 շէնքի «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։

Ցուցահանդէս-վաճառքի բացման ներկայ պիտի գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ Մայիս 5-ին` ժամը 11.00-20.00: