image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանին հակառակորդը դիպուկահար հրացաններ եւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետ կիրառած է

Սահմանին հակառակորդը դիպուկահար հրացաններ եւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետ կիրառած է

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է աւելի քան 55 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 760 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագծի հիւսիսային ուղղութեամբ՝ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետ (2 արկ):

Անցեալ գիշեր՝ հակառակորդը շարունակած է սահմանագծի տարբեր ուղղութիւններով աշխուժօրէն կիրառել տարբեր դիպուկահար հրացաններ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: