image

Ազրպէյճանական զինուժը աշխուժօրէն դիպուկահար հրացաններ կիրառած է . ԱՀ ՊԲ

Ազրպէյճանական զինուժը աշխուժօրէն դիպուկահար հրացաններ կիրառած է . ԱՀ ՊԲ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 55 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 640 կրակոց:

Շփման գիծի հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը աշխուժօրէն կիրառած է նաեւ դիպուկահար հրացաններ (93 կրակոց):

Հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւնը: