image

Պէյրութի մէջ. 19-ամեայ Հայուհի Ռիթա Նալպանտեան կը համարուի կորսուած

Պէյրութի մէջ. 19-ամեայ Հայուհի Ռիթա  Նալպանտեան կը համարուի կորսուած

Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու դիմատետրի էջէն  վերահասու կը դառնանք, որ Պէյրութի արուարձաններէն՝ Ֆանար հայահոծ շրջանի բնակիչ՝ Ռիթա Նալպանտեան (Հօր անուն՝ Արա, ծնեալ 2002-ին Պէյրութ) մինչեւ այս պահը կը համարուի կորսուած։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռիթա վերջին անգամ տեսնուած է 17 ապրիլին ու  տունէն դուրս գալէ ետք, ցարդ չէ վերադարձած։

Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու   բանբերը  նաեւ  կոչ ըրած է, բոլոր անոնց, որոնք նկատած են, կամ գիտեն Ռիթայի գտնուելու վայրը կապուին իրենց  հետ  հեռաձայնելով հետեւեալ հեռախօսահամարին՝ 01-884326։