image

Սփիւռքահայ՝ Յակոբ Պէրպէրեան ազատ արձակուեցաւ

Սփիւռքահայ՝ Յակոբ Պէրպէրեան ազատ արձակուեցաւ

2 Ամսուան կալանքի տակ մնալու հարկադրանքով բանտարկուած Յակոբ Պէրպէրեան ստորագրութիւն ներկայացնելով ազատ արձակուած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պէրպէրեան արդէն իսկ բանտէն դուրս է եւ կ՚ուղղուի դէպի իր բնակարանը։

 

 

 «Արեւելք» Պէրպէրեանի մասին գրած էր աւելի վաղ նշելով, որ անոր փաստաբան Ֆրէտ Սարգսեան անարդար կը համարէ դատարանի որոշումը, ըստ որուն ան կը մեղադրուի 9 նոյեմբերի գիշերը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն մասնակցութիւն ունենալով։

 

Յիշեցնենք, որ արմատներով հալէպցի Յակոբ Պէրպէրեան հայրենադարձուած է նախքան Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը։ Շրջան մը եղած է ուսանող արեւելագիտութեան հիմնարկէն ներս, ապա նետուած կեանքի ասպարէզ։

 

 Պէրպէրեան ամուսնացած է եւ հայր մէկ երեխայի՝ Դրօ։

 

Ազգային բարձր գիտակցութեան եւ արժէքներու տէր երիտասարդը, որպէս կամաւոր մասնակցած էր 2016 թուականի քառօրեային, իսկ վերջին պատերազմին եւս ան իր մասնակցութիւնը բերած էր Մարտունիի մէջ մղուող մարտական գործողութիւններուն։