image

«Կարօ Քէպապճեան.Գերազանցօրէն Արցախի դատի մարդը» Լիբանանցի լրագրողին անդրադարձը Մասթըր Կարոյին մասին

«Կարօ Քէպապճեան.Գերազանցօրէն   Արցախի դատի  մարդը» Լիբանանցի լրագրողին   անդրադարձը Մասթըր Կարոյին մասին

Օրերս   իր մահկանացուն կնքած  Կարօ Քէպապճեանի մասին, ինչպէս հայկական այնպէս ալ լիբանանեան մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ անդրադարձ կատարած են։

Այդ թերթերէն՝ «Նիտա ալ ուաթան» ուշագրաւ գրութիւն մը հրապարակած է (յօդուածը կը  պատկանի  Ժորժ Աքուրիի գրչին), որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Մասթըր Կարօն Քոնկ-Ֆույի միջազգային ախոյեան էր, սակայն «Քորոնա»ի դէմ պայքարէն դժբախտաբար ան պարտուած դուրս եկաւ: Ան սերած է հայ գերդաստանէ մը, որ տարիներու ընթացքին, մեծ դեր խաղացած է հայ ազգի օգտին: Ան սիրած էր Լիբանանը նոյնքան ինչքան իր պապենական հողը:

Ի դէպ,  Մասթըր Կարօն աւելի քան 40 տարի առաջ Պուրճ Համուտի մէջ հիմնած է «ABBA» ակումբը, եւ իր շնորհիւ Լիբանանի մէջ տարածուած է Քոնկ-ֆու մարտարուեստը: Ան եղած է մարզիչը նաեւ լիբանանեան բանակի հարիւրաւոր սպաներու:

Կարօն Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչն էր, հակառակ որ Արցախը 1991-ի Սովետական Միութենէն անկախացումէն ի վեր որեւէ միջազգային ճանաչում չէ ունեցած: Անոր համար Արցախը Աստուծոյ դրախտն էր երկրի վրայ եւ ան կը պնդէր զայն կոչել հանրապետութիւն, եւ ոչ թէ տարածաշրջան:

Մասթըր Կարօն միշտ ալ երախտապարտ եղած է Լիբանանին, որ 1915-ի ջարդէն ետք ապաստան տուած էր մազապուրծ եղած իր ընտանիքի անդամներուն:

Ես անոր հետ մօտէն ծանօթանալու եւ շփուելու առիթը ունեցայ վերջին արցախեան պատերազմի օրերուն, երբ Ռամկավար կուսակցութեան հրաւէրով լրագրողական պատուիրակութեամբ մը ուղղուեցանք Արցախ, լուսաբանալու համար պատերազմը: Այդ ժամանակ ան լրագրողներուս հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, «Մենք կը վստահինք ձեզի՝ լրագրողներ, փոխանցելու ձեր տեսած իրականութիւնը մեր լիբանանցիներուն: Որովհետեւ, լիբանանցին, ինքն ալ ապրելով ցաւ ու տառապանք, շատ լաւ կրնայ հասկնալ Արցախի դատը»:

Ան ընկերակցեցաւ լրագրողներուս մինչեւ «Եռաբլուր», ուր ծաղիկներ խոնարհեցինք Արցախի նահատակներու յիշատակին:

Մասթըրը  նաեւ  հիւրանոց մը կառուցած էր Շուշիի մէջ: Եւ երբ Շուշին ինկած է, ընկերը՝ Սեւակը կապուած է անոր հարցնելու թէ արդեօք հիւրանոցն ալ կորսնցուցած է, Կարօն պատասխանած է «Ինչ կարեւոր է հիւրանոցը, մենք Շուշին կ'ուզենք, եւ պիտի վերադարձնենք Շուշին ու Արցախը ամբողջութեամբ, ես վստահ եմ: Մենք Իրաւունքի տէր ենք, կորսնցուցինք ճակատամարտ մը բայց ոչ պատերազմը»:

Մնաս բարով պայքարի մարդ, հանգչիր Արարատ լերան աչքերուն տակ վեհօրէն,  ինչպէս Լիբանանի մայրի։