image

Հայ քաղբանտարկեալ Համբիկ Սասունեան ազատ պիտի արձակուի

Հայ քաղբանտարկեալ  Համբիկ Սասունեան  ազատ պիտի արձակուի

1984-էն ի վեր բանտի   ճաղերու  ետին  յայտնուած    Համբիկ Սասունեան   ազատութեան մէջ պիտի յայտնուի։ Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Լոս Անճելըս տպագրուող  «Ասպարէզ»էն։

  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ   կարեւոր մանրամասնութիւններ Համբիկի ազատութեան մէջ  յայտնուելու  գործընթացներուն  մասին։

 

 Յիշեցնենք, որ  ԱՄն-ի  Լոս  Անճելըս նահանգի   թուրք հիւպատոսը   հաշուեյարդարի ենթարկած  Համբիկ Սասունեան  ազատ պիտի արձակուէր  2019  թուականին, սակայն  վերջին պահուն   դատաւորներէն մին  արգելք   դարձած էր, որ ան դուրս գայ բանտարկեալի  կարգավիճակէն։

 

 Տակաւին կ՚անդրադառնանաք։